2015-09-28 10:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Հռոմ` Շնորհակալութիւն Ամերիկա։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 27 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան 10-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆիլատելֆիայէն Հռոմ փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան վերջ տալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 10-րդ միջազգային ճամբորդութեան որ զինք տարաւ Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ։

Հռոմ Ժամանումին Նորին Սրբութիւնը թուիթ մը հրատարակեց որուն մէջ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկացի ժողովուրդին մաղթելով որ Քրիստոսի Սէրը միշտ առաջնորդէ զանոնք։

Ֆրանչիսկոս Պապ թուիթին մէջ գրեց ՝՝Սրտանց շնորհակալ եմ։ Քրիստոսի Սէրը թող միշտ  առաջնորդէ Ամերիկացի ժողովուրդը ''։  

Սրբազան Քահանայապետը օդակայանէն ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա, ուր իր սովորութեան համաձայն, ծաղկեփունջ մը զետեղեց Հռոմի Տիրամօր ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' Սրբապատկերին առջեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուածամօր` Ճամբորդութեան յաջող ընթացքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.